ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹՅՈՒՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՅՈՒՆ ՄՇԱԿՈՒՅԹ ՍՊՈՐՏ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԵՍՈՒԹՅՈՒՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹՅՈՒՆ ՖՈՏՈ ՎԻԴԵՈ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹՅԱՆ ԱՅՍ ՕՐԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՄԵՆԱԸՆԹԵՐՑՎԱԾ ԻՐԱՎՈՒՆՔ


Հավատքով զորացած մարդը կդիմագրավի կյանքի բոլոր փորձություններին․ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետ

ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՅՈՒՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսը այցելել է Նյու Ջերսի։ Հայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսարանից։ 

14 Նոյեմբեր 2023-ին, իր շքախումբին ընկերակցութեամբ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ֆիլատելֆիայէն մեկնեցաւ Նիւ Ճըրզի։ Երեկոյեան, հովուապետական այցելութեամբ ժամանեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ առաջնորդական փոխանորդ հայր սուրբին՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանի, քահանայից եւ դպրաց դասերուն, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ մեծ թիւով հաւատացեալներու կողմէ։

«Հրաշափառ»ի Կանոնական Աղօթքէն ետք, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը իր ողջոյնի խօսքին մէջ յիշեց, թէ Վեհափառ Հայրապետը մօտէն կը ճանչնայ այս եկեղեցին ու համայնքը, որովհետեւ ան իր համալսարանական ուսանողութեան տարիներուն, զանազան առիթներով, այցելած, պատարագած ու քարոզած է այս եկեղեցւոյ մէջ։ Ապա, սրբազան հայրը հրաւիրեց Հայրապետը իր հայրական ու Հայրապետական պատգամը փոխանցելու հաւատացեալներուն։

Նորին Ս. Օծութիւնը իր պատգամին մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձ կատարեց հաւատքի մասին՝ մարդկային կեանքին մէջ։ Ան ըսաւ, թէ հաւատքն է, որ մարդ արարածը հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ Աստուծոյ հետ։ Հաւատքով զօրացած մարդը կը դիմագրաւէ կեանքի բոլոր փորձութիւնները, դժուարութիւնները։ Այս առիթով, Հայրապետը կոչ ուղղեց մեր հաւատքը վերանորոգելու՝ գործօն մասնակցութիւն բերելով եկեղեցւոյ համայնական կեանքին։

Ապա, եկեղեցւոյ սրահին մէջ կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն եւ հաւատացեալները աջահամբոյրով ստացան Հայրապետին օրհնութիւնը։

Յաջորդ առաւօտ՝ Չորեքշաբթի, 15 Նոյեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը, իր իջեւանած պանդոկի ժողովասրահին մէջ, հանդիպում ունեցաւ Նիւ Ճըրզիի հայկական կազմակերպութիւններու ու միութիւններու պատասխանատուներուն հետ։ Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ քոյր կազմակերպութիւններ ըլլալ կը նշանակէ իրարու օգնել եւ սերտօրէն գործակցիլ։ Համայնքը կը դառնայ հզօր ու կազմակերպ, երբ անոր կեանքին մէջ գործող կառոյցները ներդաշնակ կերպով կը կատարեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը։ Այս առիթով, Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց միութիւններուն տարած աշխատանքին համար եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց ծրագիրներուն իրականացման։

Յիշեալ հանդիպումէն ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոսը այցելեց Յովնանեան վարժարան, ուր ընդունուեցաւ տնօրէնութեան, ուսուցչութեան, աշակերտութեան եւ ծնողներուն կողմէ։ Այս առիթով, փոքրիկ աշակերտները կոկիկ յայտագիր մը պատրաստած էին Վեհափառ Հայրապետին համար։

Դպրոցի տնօրէն Սթէֆընի Թորոսեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութեան խօսքը փոխանցեց փոքրիկ աշակերտներուն, անոնց ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն։ Ան յիշեց տասնամեակներ առաջ դպրոցի շինութեան ու կազմաւորման աշխատանքները եւ ընդգծեց այս հաստատութեան դերակատարութիւնը շրջանի հայութեան կեանքին մէջ։ Իր խօսքին մէջ Հայրապետը նաեւ վեր առաւ հայ դպրոցին վիճակուած եզակի ու իւրայատուկ դերը՝ հայապահպանման աշխատանքներու ծիրէն ներս։

Historical Dates ՊԱՏՄՈՒԹՅԱՆ ԱՅՍ ՕՐԸ
Most Popular